2017-06-07 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը` ''մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար'' նախաձեռնութեան ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 7 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց թէ վաղը (8 յունիսին) զանազան երկիրներու մէջ կը նորոգուի ''մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար'' նախաձեռնութիւնը, որ աղօթքի հակիրճ պահ մըն է, յիշատակելու համար Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը` ընդմէջ Նորին Սրբութեան, Իսրայէլի երբեմնի նախագահ ննջեցեալ Փերեսի ու Պաղեստինի նախագահ Ապպասի։

''Մեր այս օրերուն մեծ կարիք կայ խաղաղութեան համար աղօթքի (Քրիստոնեաներ, հրեաներ ու իսլամներ միասին)'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղելով մասնակցիլ խաղաղութեան ի սպաս վերոնշեալ ձեռնարկին որ հրաւէր մըն է` համայն բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն, 8 յունիսի ժամը 13-ին, կանք առնելու մէկ վայրկեան, ու ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն, աղօթելու խաղաղութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.